ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը ՀՅԴ-ն կը նկատէ անոր «ամէնէն յաջող ելոյթը` դիպուկ եւ ճիշդ շեշտադրումներով»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ շատոնց պէտք էր ատիկա ըլլար. «Ես կը կարծեմ, որ նախագահի ամէնէն յաջող ելոյթն էր: ՄԱԿ-ի մէջ շեշտադրումները շատ դիպուկ եւ ճիշդ էին: Հիմնական խնդիրները, որ այսօր Հայաստանի համար կարեւոր են, այդ հարցերէն չխուսափեցաւ, եւ ամենայն անկեղծութեամբ ներկայացուց այն բոլոր խնդիրները, որոնք գոյութիւն ունին երկու հիմնական ուղղութիւններով` հայ – թրքական յարաբերութիւններ, ցեղասպանութեան խնդիր եւՂարաբաղի հարց, եւ որ շատ աւելի կարեւոր է, կը կարծեմ, որ նաեւ խօսուեցաւ այս արձանագրութիւններու ճակատագիրին մասին»:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ վերջին քայլերը եւ յայտարարութիւնները, որոնք կը կատարէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, «ուղղակի տեղ չեն ձգեր բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու այդ երկրին հետ»:
«Յստակ կը նշուի, որ Էրտողան չի հրաժարիր իր հիմնական նախապայմանէն. այն է` յանձնել Արցախը Ազրպէյճանին: Դիպուկ է նաեւ այն որոշումը, որ մենք բացարձակապէս այդպէս պէտք չէ վարուինք այն ցանկութեամբ, որ անպայման այդ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին. թող չվաւերացուին, եւ Թուրքիա պէտք է գիտնայ, որ եթէ փակ պահէ այդ սահմանները, ատով Հայաստանը ծունկի չի կրնար բերել», ըսաւ Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ Էրտողանը Հայաստան հրաւիրելու եւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն նման շեշտադրումներ կատարելու միջեւ, Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Ոչ, ես կը կարծեմ, որ Հայաստան ցոյց կու տայ, որ ինք հակուած է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, բայց բնականոնացնել առանց նախապայմաններու, եւ անշուշտ նաեւ պէտք է նշուի, որ այս մեծագոյն զիջումն է, որ Հայաստան նախապայման չի դներ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, եւ ասիկա առաւելագոյնն է, որ Հայաստանէն կարելի է ակնկալել»:


