
26 օգոստոսին հայ – ազրպէյճանական սահմանը անցած եւ ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան քաղաքի բնակիչ Սարգիս Անանեան երէկ վերադարձուեցաւ Հայաստան:
Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի հայաստանեան ներկայացուցչութեան բանբեր Զառա Ամատունիի, Անանեանի վերադարձը տեղի ունեցած է Հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ Ազրպէյճանի Ղազախի շրջանի սահմանագօտիին մէջ եւ անցած է առանց միջադէպերու:


