Tert.am կը հաղորդէ, որ Քանատայի Քալկըրի քաղաքի հանրապարտէզներուն մէջ տեղակայուած են Խոջալուի ողբերգութիւնը ոգեկոչող յուշատախտակ եւ նստարան:
Յուշատախտակով ծառն ու նստարանը տեղակայուած են քաղաքի բարեկարգման ծրագիրի ծիրին մէջ. համապատասխան վճարումի դիմաց կարելի է ծառ տնկել յուշատախտակով եւ նստարան տեղադրել: Ինչպէս կը նշուի այս քաղաքի բարեկարգման ծրագիրի կայքերուն վրայ` յուշատախտակով ծառին արժէքը 500 տոլար է, իսկ նստարանին արժէքը` 3500 տոլար:
Քալկըրիի քաղաքային իշխանութիւնները չեն արտօնած նստարանի գրութեան ամբողջական ազրպէյճանական տարբերակը, որ հայերու դէմ մեղադրանքներ կը բովանդակէր, ցուցանակներուն վրայ պարզապէս գրուած է. «Ի յիշատակ Խոջալուի ողբերգութեան զոհերուն»:
Ազրպէյճանական մամուլը կը փորձէ վճարովի նստարաններու անուանակոչումը ներկայացնել իբրեւ մեծ յաղթանակ: Առիթը օգտագործելով` Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը փորձած է Քալկըրիի համալսարանին մէջ կազմակերպել մեծ հաւաք, որուն, սակայն, ինչպէս լուսանկարներէն կ՛երեւի, մասնակցած է շուրջ 15 հոգի:


