Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ բանակը Արսալի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն ապաստանարանները ներխուժեց` փնտռելով շարք մը կասկածելիներ:
Բանակին առած այս քայլերուն իբրեւ պատասխան մոթորսիքլեթներ օգտագործող երեք տղաք փորձեցին հրկիզել ներխուժման վայրին կից գտնուող սուրիացի գաղթականներուն վրաններէն մէկը:
Այս պատճառով բանակը կրակ բացաւ անոնց դէմ, սպաննեց անոնցմէ մէկը եւ վիրաւորեց միւսները եւ շարունակեց շրջանին մէջ իր ապահովական միջոցառումները որդեգրել:
Նկատի ունենալով այս իրականութիւնը, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը զուգահեռ երկու արտակարգ նիստերու հրաւիրեց Պէյրութի եւ Պեքաայի մէջ` քննարկելու համար սուրիացի գաղթականներուն դէմ բանակին գործած ներխուժումները: Այդ մասին անոնք պահանջեցին թափանցիկ եւ անկողմնակալ հետաքննութիւն բանալ:
Ներխուժումներուն պատճառով, Արսալ ապաստանող սուրիացի գաղթականները քաղաքապետարանին դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին ՏԱՀԵՇ-ին եւ անկէ խնդրեցին պաշտպանել զիրենք:
Ցոյցին ընթացքին ցուցարարները քաղաքապետարանին դիմաց զետեղեցին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշ մը:
Արսալի բնակիչները հաստատեցին, որ արսալցիք չեն մասնակցած վերոնշեալ ցոյցին:
Միւս կողմէ, առեւանգուած զինուորներուն հարազատները փակեցին Տահր էլ Պայտարի միջազգային ճամբան, ինչպէս նաեւ փակեցին Քալամունի մայրուղին եւ Թարշիշ-Զահլէ ճամբան` մերժելով ընդառաջել այդ ճամբաները վերաբանալու առումով պետական անձնաւորութիւններուն փափաքին:
Առաւօտեան ժամը 10:30-էն հրկիզուող անիւներով փակուած ճամբաներուն վրայ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կատարեցին բողոքի ցոյցեր` պահանջելով կառավարութեան հրաժարականը եւ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու նկատելով իրենց զաւակներուն ճակատագիրին:
Անոնք ընդգծեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը յաւելեալ լրջութեամբ պէտք է վարուի իրենց հարազատները ազատ արձակելու թղթածրարին հետ:


