
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ունեցան հանդիպում մը, որ 1979-էն ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինն է:
Իրանի նախագահի գրասենեակի քաղաքական հարցերու օգնական Ապու Թալեպի յայտնեց, որ մէկ տարի առաջ երկու ղեկավարները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էին, եւ հանդիպումը պիտի ազդէ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարի բանակցութեանց վրայ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Իրանի, մասնաւորաբար Թեհրանի եւ Լոնտոնի միջեւ յարաբերութեանց մէջ հիմնական փոփոխութիւններու ենթահող պիտի ստեղծէ:
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ռուհանի Քամերոնին յայտնած է, որ ահաբեկչութիւնը նպատակներու իրագործման միջոցի վերածելը հակառակ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: Ան նշած է, որ իրանեան կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի աշխարհի հետ յարաբերութիւններ մշակելու` հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց շահերու վրայ` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը փափաքի Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել, եւ կոչ ուղղած է Իրանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ ճամբորդութիւնը դիւրացնելու:
Իրանի նախագահը նշած է, որ իր երկիրը հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները արդիւնքի հասցնելու նկատմամբ լուրջ է եւ կը շարունակէ խաղաղ նպատակներով իր հիւլէական գործունէութիւնը` շեշտելով, որ այդ թղթածրարին լուծման միակ միջոցը փոխադարձ հասկացողութիւնն է, իսկ պատժամիջոցները անօգուտ են եւ երկու կողմերուն վնաս կը պատճառեն: Ռուհանի ըսած է, որ եթէ Վեցեակը անհրաժեշտ ճկունութիւնը ցուցաբերէ, տրամաբանական ժամանակամիջոցի մէջ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել:
Անդրադառնալով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին` Իրանի նախագահը շեշտած է ահաբեկչութեան արմատները չորցնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար գործակցութեան եւ երկխօսութեան կարիքը: Ռուհանի ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ահաբեկիչները հետապնդել, անոնց գործունէութեան հետեւիլ եւ դէմ դնել այն պետութեանց, որոնք զանոնք կը ֆինանսաւորեն եւ անոնց զինուորական աջակցութիւն կը տրամադրեն:


