
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ պաշտօնական Երեւանը նախաձեռնած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, սակայն Թուրքիոյ ապակառուցողական դիրքորոշումին պատճառով այսօր պաշտօնական Երեւան լրջօրէն կը քննարկէ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Յայտնի է, որ պաշտօնական Երեւանի նախաձեռնած Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը հասաւ մինչեւ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրում: Այդ արձանագրութիւնները արդէն տարիներ շարունակ դարակներուն մէջ են` սպասելով Թուրքիոյ խորհրդարանի վաւերացումին: Պաշտօնական Անգարան բացայայտօրէն կը հռչակէ, որ այդ արձանագրութիւնները կը վաւերացնէ միայն, եթէ Լեռնային Ղարաբաղը` ազատ Արցախը, հայերը յանձնեն Ազրպէյճանին: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պարզ մարդիկ այսպիսի նախապայմաններուն շատ յաճախ կ՛արձագանգեն շատ պարզ. «Գրողի ծոցը վաւերացնեն»: Ժողովրդական լեզուով արտայայտուած այս բառերուն մէջ խտացուած է ամբողջ ազգի մը դարաւոր պայքարը, որ ուրիշին հայրենիքին վրայ առուծախ ընողներուն անառարկելիօրէն կը բացատրեն` հայրենիքը սուրբ է եւ ձեր առուծախը հեռու պահեցէք մեզմէ: Այս պայմաններուն մէջ է, որ պաշտօնական Երեւանը այսօր լրջօրէն կը քննարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը»:
Յայտնենք, որ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը խօսած էր նաեւ 20 սեպտեմբերին` Հայաստան – սփիւռք 5-րդ համաժողովի փակման արարողութեան ժամանակ` արձագանգելով ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի ելոյթին:
Նշենք, որ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:


