Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 11-17 դեկտեմբերին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի համաշխարհային մտաւոր խաղերուն:
Ինչպէս ծանօթ է, ճատրակ խաղացողները մրցաշարքի մը սկսելէն ամիսներ առաջ կը հաստատեն անոր իրենց մասնակցութիւնը, որպէսզի այդ ժամանակամիջոցին տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքէ մը հրաւէր չստանան, կամ խաչաձեւում տեղի չունենայ:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան կրանտմասթըրներ Կրիսչուք, Նեփոմնիաչի, Մամետեարով, Վաշիէ-Լակրա, Իվանչուք, Տոմինկեզ-Փերեզ, Փոնոմարիով, Ռաճապով, Կելֆանտ, Լեքօ, Պաքրօ, Կիրի, Ուանկ Եուէ, Վոյթասզեք եւ Ուանկ Հաօ:


