Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ. Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Եւ Մամետեարովի Հետ

September 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0924_Nalbandian_Minsk-group_MamedyarovՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ՄԱԿ-ի 69-րդ  Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երեքշաբթի տեսակցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Փիեռ Անտրիոյի, Ճէյմս Ուորլիքի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան` տեսակցութիւնը շարունակուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի մասնակցութեամբ:

Նախարարները եւ համանախագահները շարունակած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցերու քննարկումները:

«Համանախագահները վերահաստատած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղուած միացեալ ջանքերու գործադրման վճռականութիւնը»,  ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ քննարկուած են Ֆրանսայի նախագահին  նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:

Եռանախագահները տեղեկացուցած են իրենց ցանկութեան մասին` հոկտեմբերին այցելելու շրջան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նիւ Եորքի մէջ երեքշաբթի նաեւ տեսակցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, հանդիպման ընթացքին նախարարները անդրադարձած են յառաջիկային տեղի ունենալիք փոխադարձ այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ նախատեսուած հայ – իրանեան միջկառավարական յանձնախումբի 12-րդ նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Նալբանդեան եւ Զարիֆ նաեւ քննարկած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումները, միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու շուրջ:

Իսկ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թիտուս Քորլացեանի հետ Նալբանդեանի հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են հայ-ռումանական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն:

Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:

Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ տեսակցած է Քոսովոյի նախագահ Աթիֆեթէ Եահիակայի հետ:

Նալբանդեան նշած է, որ թէեւ Հայաստան չէ ճանչցած Քոսովոն, սակայն նման կարգի հանդիպումները  օգտակար են միտքերու փոխանակման համար: Եահիակա իր կարգին ներկայացուցած է դրացի երկիրներու հետ Քոսովոյի յարաբերութիւնները: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը Խուսափած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ուղղակի Յիշատակումէն

Յաջորդը

«Սուրիոյ Հայաշատ Շարք Մը Համայնքներ Դատարկուած Են» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.