
Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը միակ երաշխիքն է` դէմ դնելու ներքին եւ արտաքին վտանգներուն:
Ան ընդգծեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցը զուտ ազգային հարց է եւ միասնականութիւն կ՛ենթադրէ:
Պըրրիի այցելող երեսփոխանները շեշտեցին, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու առնչութեամբ դրական մթնոլորտ կը տիրէ եւ խորհրդարանի նախագահը կը սպասէ այդ իմաստով բոլոր մանրամասնութիւններուն յստակացումին:
Անոնք նշեցին նաեւ, որ օրէնսդրական նիստի գումարումը ոչ մէկ կապ ունի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին հետ:
Պըրրի հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումին:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ հանդիպումէն ետք ընդգծեց օրէնսդրական նիստերուն կարեւորութիւնը:
Քանաան Պըրրիի փոխանցեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքը, որուն ծիրին մէջ շեշտուեցաւ օրէնսդրական աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը:
Քանաան կոչ ուղղեց ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին վաւերացումը` ըստ կարողութիւններուն եւ պահանջուած բարեկարգումներուն:
Ան նշեց, որ ինք պիտի շարունակէ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ իր խորհրդակցութիւնները` աշխատավարձի յաւելումներուն գծով:
Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստն ու լուծումները պէտք է ըլլան երկրին օրէնքին, սահմանադրութեան եւ արդարութեան սահմաններուն մէջ:


