ԿԸ նախատեսուի, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացուի յաջորդ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք օրէնսդրական նիստին ընթացքին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն հիման վրայ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին եւ կազի թիթեղին սակը 200 լ. ոսկիով նուազած է, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ իրենք պիտի մասնակցին օրէնսդրական կարեւոր նիստերուն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է բոլոր դռները թակել` առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, եթէ Քաթար մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ռմբակոծումին, ապա առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու քաթարեան նախաձեռնութիւնը իր աւարտին կը հասնի:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը աւելի լաւ է, քան 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ նոր խորհրդարանի մը ընտրութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ ապահովական խախտումներուն պատճառը լիբանանեան բանակին դէմ հնչած գրգռութիւններն են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան ներքին առումով ամրապնդել երկրին կայունութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի կոչ ուղղեց միասնականութեամբ զօրակցելու լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր պայքարին օժանդակելու նպատակով: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մղուած այսօրուան պատերազմը մեծագոյնն է` լուծելու համար 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութեան վրէժը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւել` քաղաքական եւ ապահովական նման պամաններու ներքեւ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մտածել երկրին մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն մասին եւ ըստ այնմ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ երկրին ելեւմտական հարցերը լուծելու նպատակով գումարուելիք օրէնսդրական նիստերը անհրաժեշտ են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը վաւերացնելու փոխարէն խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները անճիշդ են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն կացութիւնը աւելի դժուար եւ ծանր դարձած է` անոնցմէ երեքին սպանութենէն ետք:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի եւ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ այս հանգրուանին առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելը առաջնահերթութիւն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ երկրին մէջ համայնքային թէ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրող յայտարարութիւններուն պէտք է վերջ մը տալ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու համար առեւանգուած զինուորները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս նշեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը լիբանանեան բոլոր համայնքներուն համար կարեւոր պէտք է ըլլայ:


