Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Քլինթըն Կլոպըլ Ինիշըթիֆ»-ի ձեռնարկին ընթացքին խօսք մը արտասանած է: «Քլինթըն Կլոպըլ Ինիշըթիֆ»-ի նպատակը համագործակցութիւնն է աշխարհի ղեկավարներու հետ` ամէնէն հրատապ մարտահրաւէրներուն նորարարական լուծումներ տալու համար:
Խօսելով տարբեր երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու վատ վիճակին մասին` Օպամա մատնանշած է Ռուսիան, Չինաստանը, Վենեզուելան, Եգիպտոսը, Հունգարիան եւ Ազրպէյճանը: Վերջինիս առնչութեամբ Օպամա մասնաւորաբար ըսած է. «Ազրպէյճանի պէս տեղերու մէջ օրէնքը անհաւանականօրէն բարդ կը դարձնէ մինչեւ իսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը»:
Նոյն ծիրին մէջ ան նկատած է, որ քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ուժը զգալով է, որ հետզհետէ աւելի շատ իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն զանոնք լռեցնելու համար:


