Եւրոպական խորհուրդի Սթրազպուրկի կեդրոնատեղիին մէջ, Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը 22 սեպտեմբերին կազմակերպած է ընդունելութիւն` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին առիթով:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, ընդունելութեան ողջոյնի խօսք արտասանած է Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան:
Ողջունելով հիւրերը` դեսպան Պապիկեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ արդէն 23 տարի է ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան կառուցման անդառնալի ուղիով եւ այդ ճամբուն վրայ կարեւոր է նաեւ Եւրոպական խորհուրդին օժանդակութիւնը:
Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարիներու նուաճումներուն մասին` Արմէն Պապիկեան նշած է, որ Հայաստան աշխուժ զարգացող ժողովրդավարութեամբ պետութիւն է` հիմնուած Եւրոպական խորհուրդի արժէքներուն եւ սկզբունքներուն վրայ: Մարդկային իրաւունքները, օրէնքի իշխանութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ զուտ կարգախօսներ չեն, այլ` պետութեան զարգացման մարտավարութեան անքակտելի բաղադրիչներ:
Ընդունելութեան ներկայ եղած են Եւրոպական խորհուրդի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, Սթրազպուրկի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:


