Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելուն առիթով:
Ողջունելով դեսպանը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ-չինական մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած զգալի ներդրումին համար եւ համոզում յայտնեց, որ հայ-չինական մշակութային համագործակցութիւնը պիտի ունենայ իր արժանի շարունակութիւնը: Ապա նախարարը անդրադարձաւ երկուստեք իրականացած ծրագիրներուն, մասնաւորապէս այս տարուան մարտին Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական-կատակերգական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած Չինաստանի հաշմանդամներու երգի եւ պարի համոյթի բարձր կատարողական արուեստը ներկայացնող համերգին, ինչպէս նաեւ տարբեր ձեւաչափերով իրականացած միւս ծրագիրներուն:
Հանդիպման աւարտին յաջողութիւն մաղթելով հիւրին` Յասմիկ Պօղոսեան յոյս յայտնեց, որ դեսպան Թիան Չանչուն Չինաստանի մէջ հայկական մշակոյթի տարածման գործին մէջ շարունակէ իր գործուն մասնակցութիւնը:


