
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը յետաձգեց օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Նախագահական ընտրութեան երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցան միայն 55 երեսփոխաններ:
Նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 9 հոկտեմբերին:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ահմետ Ժըրուանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժըրուան յայտնեց, որ Արաբական խորհրդարանը կը զօրակցի լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բանակին` լուծելու համար առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը:
Ժըրուան ընդգծեց, որ Արաբական խորհրդարանը անհրաժեշտ կը գտնէ, որ արաբական աշխարհը Պաղեստինեան դատին զօրակցութեան առումով միասնական դուրս գայ:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Ազգային հանդիպումի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատի:
ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստի յետաձգումին ըսաւ, որ Լիբանան ամիսներէ ի վեր առանց հանրապետութեան նախագահի է` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յաւելեալ գործակցութիւն չեն կրնար ցուցաբերել այս գծով:
Ժահժահ շեշտեց, որ քրիստոնեաները պաշտպանելու կարգախօսին ներքեւ կատարուածը երկրին եւ քրիստոնեայ համայնքին դէմ գործուող հսկայ դասալքութիւն է:


