
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Արսալի մէջ տիրող կացութիւնն ու ընդհանրապէս լիբանանեան իրադարձութիւնները քննարկուած են համախմբումի նիստին ընթացքին:
Քանաան վերահաստատեց զօր. Աունի զգուշացումները` կատարուած բանակցութիւնները Լիբանանի շահերուն չծառայեցնելու իմաստով:
Քանաան շեշտեց, որ կառավարութեան տուած որոշումները բանակին անհրաժեշտ հովանաւորութիւնը կ՛ընծայեն` կատարելու այն, ինչ որ պէտք է: «Հաւատադրժողական զինեալները, որոնք Լիբանան մուտք գործած են, եւ բանակը թիրախ դարձուցած են, բոլորին կողմէ դատապարտուած են, հետեւաբար Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մասին հնչող որեւէ յայտարարութիւն խիստ մերժելի է», ըսաւ ան:
Քանաան ընդգծեց, որ օրէնսդրութիւնը անհրաժեշտ է Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ համախմբումը կը զօրակցի սահմանադրութեան համապատասխանող օրէնսդրութեան:


