
Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ նախապատուութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեանն է, որովհետեւ այդպիսով է, որ կարելի պիտի ըլլայ գործադրել սահմանադրութեամբ ճշդուած հոլովոյթները, որոնց առաջին շարքին վրայ կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով ինք առանց նախապայմանի կը զօրակցի վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջադրած նախաձեռնութիւնը դրական եւ առարկայական է, ինչպէս նաեւ կը միտի բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարել` իրականացնելու համար ազգային հաշտութիւն մը:
Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ ընդգծուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:


