«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ «Օմնիպիւս» հասարակական կարծիքի կեդրոնին կատարած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Քաթալոնիոյ բնակչութեան 58,8 առ հարիւրը «հիմնականին մէջ» կամ «ամբողջութեամբ» կ՛աջակցի Սպանիայէն անկախանալու գաղափարին, իսկ 31,9 առ հարիւրը` դէմ է:
Հարցախոյզին մասնակիցներէն խնդրած են նաեւ պատասխանել` արդեօք կը մտահոգուին Քաթալոնիոյ` պետականութիւն ձեռք բերելուն նկատմամբ: 30 առ հարիւրը յայտարարած է, որ «ընդհանրապէս չի վախնար», շուրջ 11 առ հարիւրը պատասխանած է, որ «շատ կը վախնայ»:
Քաթալոնիոյ բնակչութեան մեծ մասը` 87,6 առ հարիւրը կը յայտարարէ, որ կ՛ընդունի 9 նոյեմբերին տեղի ունենալիք հանրաքուէի արդիւնքները, եւ միայն 9 առ հարիւրը նշած է, որ չ՛ընդունիր:
Հարցախոյզին մասնակցած է 1600 հոգի:
Քաթալոնիոյ իշխանութիւնները մտադիր են 9 նոյեմբերին հանրաքուէ կատարել:


