Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Պայթեցուց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին Պաշտօնական Երեւանը Խստիւ Կը Դատապարտէ

September 23, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0922_kiro1«Մայատին» եւ «Նաշրա» կայքերը կը հաղորդեն, որ ՏԱՀԵՇ կիրակի կէսօրին պայթեցուցած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին: Արաբական «այ.24 նիուզ.թի.վի.» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ հայկական եկեղեցին գրեթէ ամբողջութեամբ վնասուած է եւ անկէ կանգուն մնացած է միայն գմբեթը` խաչը վրան:

Ահաբեկիչները չեն արտօնած նկարել աւերուած եկեղեցին:

Ըստ տեղեկատուութեան, նախապէս այդ շրջանը եղած է Ժապհաթ Նուսրայի վերահսկողութեան տակ. վերջինս պաշտպանած է եկեղեցին եւ չէ արտօնած, որ կողոպտուի, սակայն շրջանը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուելէ ետք, եկեղեցին ականապատուած ու պայթեցուած է: Ուժգին պայթումին ձայնը լսուած է Տէր Զօրի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Պաշտօնական Երեւանը խստիւ դատապարտեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը ահաբեկիչներուն կողմէ:

«Խստօրէն կը դատապարտենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած, Մեծ եղեռնի բազմաթիւ նահատակներու մասունքները ամփոփող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը ահաբեկիչներուն կողմէ», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

«Սրբավայրին նկատմամբ այս զարհուրելի բարբարոսութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այսպէս կոչուած Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորման վայրագ էութիւնը», ընդգծեց նախարար Նալբանդեան:

Ան նաեւ համոզում յայտնեց, որ «միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ կանգնեցնէ, արմատախիլ ընէ քաղաքակիրթ մարդկութեան սպառնացող այս ժանտախտը, կտրէ անոր սնուցման, ֆինանսաւորման, աջակցութեան եւ հովանաւորութեան ուղիները»:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան իր կարգին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Եթէ Թուրքիան կապ չունի Տէր Զօրի մէջ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ դէմ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան հետ, պէտք է անմիջապէս հանդէս գայ համապատասխան դատապարտող յայտարարութեամբ»:

Միւս կողմէ, պաշտօնական այցելութեամբ Չեխիոյ Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Է. Շարմազանով Փրակայի մէջ երէկ տեսակցեցաւ Չեխիոյ խորհրդարանի ծերակոյտի փոխնախագահ Միլուշէ Հորսքայի հետ:

Շարմազանովի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ Ազգային ժողովի փոխնախագահը խստօրէն դատապարտած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը` ատիկա  անուանելով մշակութային ցեղասպանութեան վառ դրսեւորում: Ըստ անոր, ասիկա ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ համաքրիստոնէական հոգեւոր արժէքներու ոչնչացում է: Շարմազանով ընդգծած է, որ եկեղեցւոյ ականահարումը նախապէս հայերով բնակեցուած եւ այսօր արդէն հայաթափուած Նախիջեւանի մէջ Ջուղայի դարաւոր տասնեակ հազարաւոր նրբատաշ, եզակի խաչքարերով գերեզմանոցի եւ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ տասնեակ հազարաւոր յուշարձաններու ոչնչացման տրամաբանական շարունակութիւնն է:

Ազգային ժողովի փոխնախագահը նկատել տուած  է, որ միջազգային հանրութեան կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման յաւուր պատշաճի դատապարտումը կրնար կանխել Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը:

Մանոյեան. «Հայկական Եկեղեցւոյ Ականահարման
Գործին Մէջ Թուրքիոյ Մեղսակցութեան
Հաւանականութիւնը Մեծ Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ Սուրիոյ ՏԷր Զօր քաղաքին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ ականահարման, նշեց, որ բաւական հիմքեր կան, որ Թուրքիա մեղսակից է այդ բարբարոսութեան: Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանի այն յայտարարութեան, որ եթէ Թուրքիա ոչ մէկ կապ ունի եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչութեան հետ, անյապաղ պէտք է համապատասխան դատապարտող յայտարարութիւն կատարէ, Կիրօ Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ Վիգէն Սարգսեանի յայտարարութիւնը ճիշդ էր, որովհետեւ, նկատի առնելով Թուրքիոյ առնչութիւնը այդ կազմակերպութեան, նաեւ հաշուի առնելով տեղւոյն բնակչութեան դրական վերաբերումը հայերուն նկատմամբ, պարզ կը դառնայ, որ ատիկա դուրսէն հրահրուած քայլ էր, որուն մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութեան հաւանականութիւնը շատ մեծ է: Մանոյեան նշեց, որ վստահ չէ, թէ միջազգային հանրութիւնը ինչպէս կ՛արձագանգէ այդ փաստին, մասնաւորապէս` վստահ չէ, որ կը տեսնէ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը` նկատի առնելով Թուրքիոյ հետ որոշ գործարքներու փաստը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Սուրիահայ Համայնքային Կառոյցներու, Կազմակերպութիւններու Եւ Հոգեւոր Դասի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Պարոնուհի Քոքսի Հետ Քննարկեց Արցախի Խնդիրները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.