Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Այցելեց Լաս Վեկաս

September 23, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

10658591_776197522436828_4260035009232525232_oԱրտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելեց Լաս Վեկաս, ուր ներկայ գտնուեցաւ Մար Շարպել եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:

Պատարագէն ետք ներկաներուն իր ուղղած խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ընթացքին կարեւորագոյն յատկանիշը միասնականութեան պահպանումն է:

Ան հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար Սուրիա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա պէտք է միասնականանան, իսկ Լիբանան պէտք է կառչած մնայ միասնականութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան պատգամ երկիրը ըլլալու իրականութեան:

«Քաղաքական առումով տարակարծիք ըլլալու իրաւունք ունինք, սակայն մեր նահատակներուն ի՞նչ պիտի ըսենք, ի՞նչ կրնանք ըսել: Մենք իրաւունք չունինք մեր փոքր նպատակներուն համար կորսնցնելու հայրենիքը: Մեր արժէքը կը կայանայ իր իսլամներով եւ քրիստոնեաներով Լիբանանի պահպանումին մէջ, այլ խօսքով` պատգամ երկիր Լիբանանի պահպանման մէջ», ընդգծեց Պասիլ:

Պասիլ այցելեց նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին, ուր պաշտօնապէս ընդունուեցաւ քահանայ հօր, Լաս Վեկասի հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:

Պասիլ շնորհաւորեց ներկաները` բարձր գնահատելով զանոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու մայրենի լեզուն պահելու եւ պահպանելու համար:

«Աղէտը ձեզի յղկած է եւ  միասնականացուցած, ինչպէս նաեւ մղած, որ կառչած մնաք ձեր ինքնութեան, իսկ այսօր մենք` արեւելքցիներս, որ կը կրենք հալածանքի նոյն ճակատագիրը, պէտք է կառչած մնանք մեր հողին եւ ինքնութեան», ընդգծեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

«Իրենց Կայունութիւնը Հաստատել Ուզող Արաբներուն Եւ Իսլամներուն Աղբիւրը Սէուտական Արաբիան Է» Ընդգծեց Հարիրի

Յաջորդը

Ա. Նազարեան Այցելեց Պըքաաթա Քանաանի Եւ Շապրուհի Ամբարտակները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.