Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին առիթով յայտնեց, որ այս տարի այս տօնը կը զուգադիպի արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած անապահով զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիան կը զետեղէ ճակատագրական մարտահրաւէրներու եւ հսկայ պատասխանատուութիւններու դիմաց:
Հարիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա աղբիւրն է իրենց կայունութիւնը հաստատել ուզող բոլոր արաբներուն եւ իսլամներուն, «իսկ այսօր Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին օրով Սէուտական Արաբիա պիտի շարունակէ գոյատեւել իբրեւ վստահութեան եւ ապահովութեան աղբիւր», հաստատեց ան:
Հարիրի շեշտեց, որ Ապտալլա թագաւորը իր բոլոր կեցուածքներով կ՛ամրապնդէ չափաւորականութիւնը եւ կը նպաստէ արաբական երկիրներուն ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու:
«Լիբանանեան բանակը զինելու Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին որոշումը եւս կը ծառայէ Լիբանանի կայունութեան եւ ազգային համերաշխութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բոլոր փորձերուն», հաստատեց Հարիրի:


