Վատիկան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ եւ զայն 2015 թուականին հրաւիրեց Հայաստան այցելելու:
Սրբազան քահանայապետը սիրով ընդունեց հրաւէրը, կը յայտնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
«Հայաստանի նախագահը եւ սրբազան քահանայապետը գոհունակութեամբ խօսեցան Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն մասին: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան մասին», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ տեսակցեցաւ Ս. աթոռի արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Փարոլինի կարտինալին հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-վատիկանեան յարաբերութիւններու ներկան եւ զարգացման հեռանկարը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն եւ քրիստոնէական ժառանգութեան առնչուող այժմէական հիմնախնդիրները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը մասնակցելու այս ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն:
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման առնչուող հարցերուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փիեթրօ Փարոլինի կարտինալին` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մէջ Վատիկանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:
Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Վատիկանի վարչական մարմինի կարտինալներուն հետ:


