Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով որդեգրուած շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ զինուորական գործակցութեան հեռանկարները:
Մուքպել Փաուլիի ներկայացուց երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած զինուորական գործակցութեան համաձայնագիրները, յատկապէս անոնք, որոնք փոխադարձ ռազմափորձերու կը վերաբերին:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակի զինման ծրագիրին մանրամասնութիւնները` նկատի ունենալով Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանին մատուցուած 4 միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը:


