
Արցախի իշխանութիւնները անընդունելի նկատեցին, սահմանագիծին վրայ լարուածութեան պահպանման նպատակով պարբերաբար սադրանքներու կազմակերպման Ազրպէյճանի գործելաոճը, որուն զոհը կը դառնան ե՛ւ զինուորականները, ե՛ւ քաղաքացիները: Այս մասին News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան` մեկնաբանելով երէկ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հակառակորդի կրակոցէն 24-ամեայ փոխհարիւրապետ Մհեր Յակոբեանի սպանութիւնը:
«Մեր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Մհեր Յակոբեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Անընդունելի կը նկատենք սահմանագիծին վրայ լարուածութեան պահպանման նպատակով պարբերաբար սադրանքներու կազմակերպման Ազրպէյճանի գործելաոճը, որուն զոհը կը դառնան ե՛ւ զինուորականները, ե՛ւ քաղաքացիները», նշեց Միրզոյեան եւ աւելցուց. «9 օգոստոսին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով վերջինիս եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն եւ 4 սեպտեմբերին Նիւփորթի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եռակողմ հանդիպումէն ետք ասիկա զինադադարի կոպիտ խախտման առաջին դէպքն է, որ յանգեցուց մարդկային զոհի, եւ անոր պատճառով իրավիճակի սրումին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն Ազրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական իշխանութիւնները»:
Նախարարը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան աւելցնելու ճնշումը Ազրպէյճանի վրայ` ընդունելու առաջին գիծէն արձակազէնները հեռացնելու, միջադէպերու քննութեան մեքանիզմ ստեղծելու վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկները, որոնց բազմիցս իրենց աջակցութիւնը յայտնած են հայկական կողմերը եւ որոնց կիրարկումը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ խուսափելու յաւելեալ զոհերէ եւ նուազեցնելու լարուածութիւնը սահմանագիծին վրայ:
«Անպատիժ Պիտի Չմնայ».
Օհանեան Զինուորականի
Նահատակութեան Մասին.
«Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ զինուորականի նահատակութեան երէկուան դէպքը արդիւնքն է այն բանին, որ հակառակորդը զերծ չի մնար արձակազէնները ետ քաշելէ», լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
«Ամէն անգամ այս խախտումները միջազգային բեմին վրայ անարձագանգ կը մնան: Այս դէպքերը կը վերլուծուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ պաշտպանութեան բանակին կողմէ: Համոզուած եմ, որ անպատիժ չի մնար: Մեզի համար իւրաքանչիւր զինուորի, սպայի կեանքը չափազանց թանկարժէք է, ազրպէյճանցիներն են, որոնք չեն գնահատեր իրենց զինուորին կեանքը», ըսաւ նախարարը:
Նշենք, որ զոհուած զինուորը` Մհեր Յակոբեան, փոխհարիւրապետ էր, կ՛ապրէր Վանաձորի մէջ:
Սահմանին Զոհուած Զինուորը Պարգեւատրուեցաւ
«Մարտական Ծառայութեան» Մետալով
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, ըստ որուն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար պաշտպանութեան բանակի փոխհարիւրապետ Մհեր Յակոբեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
Երէկ առաւօտեան ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան մարտական դիրքին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վիրաւորուեցաւ զինուոր, 1990-ին ծնած Մհեր Յակոբեան, որ կը բնակէր Վանաձոր: Կը ծառայէր 2007 թուականէն ի վեր, փոխհարիւրապետ էր, սպայ:


