
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցան երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ եւ Թայմուր Ժոմպլաթ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կան որոշ հարցեր, որոնց լուծումը կարելի է գտնել Ամին Ժեմայէլի հետ գործակցաբար:
«Կը մտածենք առաջադրել համեստ նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն է պետական հաստատութիւններուն, յատկապէս բանակին եւ հանրապետութիւնը պահպանող հաստատութիւններուն դերակատարութեան ամրապնդումը», ընդգծեց Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ կարելի չէ դէպի անորոշութիւն թափանցել եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցիլ, հակառակ անոր որ խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ունի իր հետեւանքները եւ հակառակ անոր որ պէտք է նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Իր կարգին, Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց պահպանելու պետական հաստատութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք թափուր աթոռներ ունին, եւ ամրապնդել անոնց գործունէութիւնը:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ Ժոմպլաթի հետ կը քննարկուին կարգ մը նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛օժանդակեն աւելի լաւ կերպով ծառայելու քաղաքացիին:
«Մենք միասնաբար կը փորձենք յանգիլ այնպիսի միջոցներու, որոնք կրնան կարգ մը հարցեր լուծել, նոյնիսկ եթէ այդ լուծումները ըլլան համեստ լուծումներ», նշեց ան:
Ժեմայէլ ընդգծեց նաեւ լիբանանեան բանակին կառչած մնալու եւ մնայուն կերպով անոր զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:


