Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին տակաւին շատ պիտի խօսին, սակայն նման բան գոյութիւն չունի:
Հարիրի հաստատեց, որ իրենք նախագահական ընտրութեան կայացումէն առաջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցին:
Ան կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հակառակորդներուն վերջ տալու նախագահական աթոռը թափուր պահելու իրենց մտադրութեան, որպէսզի երկիրը ամբողջական անիշխանութեան չմատնուի:


