Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Ազգային հանդիպումին քաղաքական ուխտը, որուն մէջ շեշտուեցաւ ազգային կեցուածքին անհրաժեշտութիւնը` դիմադրելու համար Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքը պառակտել փորձող ամերիկեան ռազմավարութեան:
Մըրատ ընդգծեց, որ արաբական անվտանգութեան ամրապնդումը կը միտի ամէն մակարդակի վրայ գործակցութիւնը բարելաւել:
Մըրատ շեշտեց, որ Ազգային հանդիպումին նպատակն է լիբանանեան տարբեր շրջաններէն քաղաքական ղեկավարութիւններ համախմբել` ամրապնդելու համար արաբական աշխարհի ազգային ոգին, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնելու իսլամական կրօնին ետին թաքնուող ծայրայեղութեան դէմ պայքարին մէջ:
Մըրատ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգը, վերջ տալ համայնքային դրութեան եւ մշակել համամասնական դրութեամբ ընտրական արդիական օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
Մըրատ յայտնեց, որ պէտք է նաեւ կառչած մնալ Դիմադրութեան ուղեգիծին, Լիբանանի պաշտպանութեան եւ արագացնել երկրին քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեան օգտագործումը:
Այս ուխտին համաձայն, պէտք է շարունակել Լիբանանի սահմանադրութեան գործադրութիւնը, Սուրիոյ հետ ամրապնդուած յարաբերութիւնները պահպանել եւ պաղեստինեան դատին լուծման զօրակցիլ:


