Կրանատայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցող աշխարհի հրացանաձգութեան 51-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրաչիկ Պապայեան 78 մասնակցողներուն մէջ, պատանիներու պայքարին մէջ ապահովելով 624,9 կէտ, գլխաւորեց դասաւորման առաջին դիրքը:
Ան եօթը ուրիշներու հետ մասնակցեցաւ աւարտական հանգրուանին: Ապահովելով 205,7 կէտ` ան գրաւեց 2-րդ դիրքը եւ բնականաբար հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան` ռուս Վլատիմիր Մասլեննիքովի ետին, որ ապահովեց 206,8 կէտ:
Այս լուրը հաղորդեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` օգտագործելով Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղար Լաուրա Աւետիսեանի հրապարակած լուրը:


