ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը այս անգամ տեղի կ՛ունենայ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ, այդ երկրի Համազգային ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ: Ժողովին կը մասնակցին ներկայացուցիչներ Մոլտովայի, Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Տաճիկիստանի, Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կուսակցութիւններէն: Ներկայ է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան: Ժողովին մասնակից ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան կազմին մէջն են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ կը համանախագահէ նիստին, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ժողովին միւս համանախագահն է Ալեքսանտրա Թոփոլին (Հունգարիա):
Ժողովին ողջոյնի խօսք ուղղեց Ղազախստանի Համազգային ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ժարմախան Թոյաքպայ: Ժողովին առաջին օրակարգը կը վերաբերի շրջանին մէջ տագնապներու եւ խաղաղութեան որոնման ճիգերուն: Գլխաւոր նիւթը Ուքրանիոյ իրադարձութիւններն են: Խօսքեր արտասանեցին Ուքրանիոյ Ընկերվար ժողովրդավար, «Արդար Ռուսիա», ՀՅԴ (Արմէն Ռուստամեան) եւ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նշենք, որ Ընկերվար միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: ԱՊՀ-ի երկիրներու կուսակցութիւններէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան` ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ: ՀՅԴ-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կիներու ընկերվար միջազգայնականին եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան:


