
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ «եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մտածեց եւ իր ուժերուն հրամայեց կրակ բանալ ամերիկեան պատերազմական օդանաւերուն վրայ, որոնք սուրիական օդային տարածք մուտք կը գործեն, ապա սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնները ամբողջովին պիտի քանդենք, եւ ատիկա մեր ուժերուն համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, քան ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը հարուածելը»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ «ամերիկեան վարչակազմին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի դաշինք կազմելու նպատակը շրջանին մէջ զինուորական ներկայութիւնն է»` աւելցնելով. «Ամերիկայի պնդումները, թէ ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի դաշինք մը կը կազմէ, սնամէջ պնդումներ են»:
Ան ըսաւ, որ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ստացած հարուածները ամերիկացիներուն գործը չէին, այլ իրաքեան բանակին եւ ուժերուն:
Խամենէի յայտարարեց. «Ամերիկացիները մեզմէ խնդրեցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ իրենց հետ գործակցիլ, իսկ մենք մերժեցինք, որովհետեւ անոնց ձեռքերը արիւնով ներկուած են»:
Նշենք, որ ֆրանսական օդուժը երէկ սկսաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ Իրաքի վերեւ թռիչքներ կատարել:
Դամասկոսի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Համակարգումը
Տեղի Կ՛ունենայ Երրորդ Երկրի Մը Միջոցով
Փարիզի մէջ արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մէջ ամերիկեւսուրիական համակարգում գոյութիւն ունի:
Ան նշեց, որ համակարգումը տեղի կ՛ունենայ ապահովական երրորդ կողմի մը միջոցով, որ սուրիացիներուն կը տրամադրէ թիրախներու ցանկ մը եւ ՏԱՀԵՇ-ի շարժումներուն մասին տեղեկութիւններ:
Հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի այս հարցը մերժեց, դիւանագիտական շարք մը աղբիւրներ գաղտնի սպասարկութեանց շրջանակներէ առնելով իրենց տեղեկութիւնները, կը յայտնեն, որ գոյութիւն ունի այդպիսի համակարգում մը, որ հաւանաբար տեղի կ՛ունենայ Պաղտատի, Մոսկուայի, Պերլինի կամ մինչեւ իսկ Էրպիլի մէջ գտնուող զինուորական գործողութեան գրասենեակի մը ճամբով:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարած է, որ Սուրիան Միացեալ Նահանգներու հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ գաղտնի կապեր չի պահպաներ:
«Այն ամէնը, ինչ կ՛ընէ ղեկավարութիւնը, յայտնի է սուրիացի ժողովուրդին, այդ պատճառով ալ անոնց միջեւ կը պահպանուի վստահութիւնը եւ յարգանքը», նշած է ան:
Մըքտատ կասկած յայտնած է Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ հովանիին տակ ստեղծուող հակաահաբեկչական դաշինքի իսկական նպատակներուն վերաբերեալ: Ըստ անոր, «միջազգային դաշինքները, որոնք չեն ներառեր իրենց մէջ Սուրիան, Չինաստանը եւ Ռուսիան, ունին յստակ օրակարգ եւ տրամադրուած են Դամասկոսի դէմ»:
«Երեք տարի առաջ Սուրիան պայքարի մէջ մտաւ, որովհետեւ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ անոր ետին կանգնած ժողովուրդը մերժեցին արտաքին ներխուժումը` պաշտպանելով գերիշխանութիւնը: Մենք ատիկա չենք ընդունիր նաեւ այսօր», ըսած է Մըքտատ:


