Բազմաթիւ հայեր Հայաստանէն գաղթելով հաստատուած են Ռուսիոյ Եաքութիա շրջանի Եաքուցք քաղաքը, ուր վերջերս օծումը կատարուած է Հայ առաքելական Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ:
Ատենօք հազարաւոր հայեր աքսորուեցան այդ շրջան: Այսօր արդէն ազատութիւն է, եւ մարդիկ այդտեղ կը հաստատուին իրենց ազատ կամքով: Պատիժը վերածուած է փրկութեան. միայն ողբերգութիւնն է հաստատ: Ատենօք հայերը «կը գործուղուէին» դժոխք` մեռնելու համար, իսկ այսօր դրախտէն հոն կը մեկնին` ապրելու համար: Երէկն ու այսօրը` ո՞րն է աւելի ողբերգական:
ԼԱԽՏ


