Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եզիտիներն Ու Մուսա Տաղի Հայերը

September 16, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0916musa-daghՃես Օլսըն «Տը Հաֆինկթըն Փոսթ»-ի մէջ կը գրէ, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ բնակող եւ շատ ծանօթ չեղող կրօնական փոքրամասնութեան` եզիտիներուն դիմագրաւած ճգնաժամը արեւմուտքցի մարդասէրներու ուշադրութեան արժանացաւ: Դարերէ ի վեր Նինուէ շրջանին մէջ բնակող եւ անծանօթ հաւատքի մը հետեւորդները ապաստանեցան անմարդաբնակ Սինճար լեռ`  սպասելով օտար ուժի մը կողմէ փրկութեան:

Նկատառելի կերպով նոյնպիսի պատմութիւն մը աւելի քան 80 տարի առաջ պատմուած է գերմանախօս հրեայ վիպագիր Ֆրանց Վերֆելի կողմէ` իր կոթողային «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» վէպին մէջ: Այսօր գրեթէ անծանօթ 900 էջնոց այդ վէպը Վերֆելի օրերու հրեայ ընթերցողներու մօտ մեծ ընդունելութիւն գտած էր: Գիրքը 1934-ին Էմ. Ժի. Էմ-ի կողմէ շարժանկարի պիտի վերածուէր եւ անոր գլխաւոր դերակատարը պիտի ըլլար երիտասարդ դերասան Քլարք Կէյպըլը:

Վերֆելի ներշնչման աղբիւրը Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայերու դէմ գործուած բարբարոսութեան մէկ արարն էր: Յունիս 1915-ին, զանգուածային արտաքսումի եւ սպանութեան մասին լուրեր ստանալով, Միջերկրական ծովուն եզերքին գտնուող վեց հայկական գիւղերու բնակիչները իրենց սակաւաթիւ ինչքերն ու զէնքերը հաւաքեցին եւ ապաստանեցան Մուսա Տաղի գաղաթը: Ըմբոտութեան ղեկավարն էր Մովսէս Տէր Գալուստեան` եւրոպական կրթութիւն ստացած հայ երիտասարդ մը, որ գիւղացիները քաջալերեց եւ ետ մղեց թրքական յարձակումները: 40 օրուան կռիւներէ ետք, երբ պարտութեան եզրին կը գտնուէին, շրջանէն անցնող ֆրանսական մարտանաւ մը զանոնք փրկեց:

Թէեւ Մուսա Տաղի վրայ 4200 հայերու ըմբոստութիւնը մամուլին մէջ արձագանգ գտաւ, սակայն անիկա աւելի մեծ ճնգաժամի մը մէջ փոքր դէպք մըն էր: Վերֆելի վէպն էր, որ մարդկայնացուց ճգնաժամը` արեւմուտքցի ընթերցողին արտօնելով պատկերացում ունենալ գաղթականներուն մասին, մասնաւորաբար` դէպքին առնչակից Գաբրիէլ Բագրատեանի տիպարին ճամբով:

Նացիական արհաւիրքներու նախօրեակին լոյս տեսնելով` Վերֆելի գրութիւնը յառաջիկայ իրադարձութիւններու մասին մարգարէութիւն մըն էր: Վէպի չար տիպարները պարզապէս թուրքեր չեն, այլ` գաղափարախօսութենէ մը տարուած ցեղապաշտներու վոհմակ մը: Վերֆելի հայերը կը խօսէին իր ժամանակուան հրեայ ընթերցողներու սրտին, որոնք նոյն վիճակին մէջ էին:

Ինչպէս եզիտիներու հետ պատահածը ցոյց կու տայ, Վերֆելի երկը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը: «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» վէպը արդի մարդու համար բարոյական պարտաւորութեան շուրջ խորքային հարցադրումներ կը կատարէ: Երբ հալածանքի չարիքը իր գլուխը կը բարձրացնէ այսքան անասելի ահաւորութեամբ, ի՞նչ կ՛ընենք, ինչպէ՞ս կը հակազդենք: Վերֆելի համար, ան, որ բարոյականութիւնը յարգի կը նկատէ, պէտք է անմիջական միջամտութիւն եւ փրկութիւն պահանջէ: «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը», ճիշդ այսօրուան եզիտիներու ճգնաժամին նման, կը յուշէ, որ ցեղասպան ուժերու ամէնէն ազդու զէնքը հրացանը չէ, այլ` ժամանակը, ի տես չարիքին քայլ առնելէ առաջ տատամսելու ժամանակը, այդ նոյն ժամանակը, որ Բագրատեանի բարեկամներուն եւ ընտանիքին մահուան պատճառ կը դառնայ: Ժամանակը էական է, կը տատամսինք ի գին մեր բարոյականութեան:

Նախորդը

Հայրենիքի Խմբագրական. Ապարդիւն Հանդիպում Մը Եւս…

Յաջորդը

Իրաքի Հաւրեզք Գիւղի Հայերը Պատրաստ Են Դիմակայելու «Իսլամական Պետութեան» (ISIS) Վտանգը

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.