Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Պէտք Է Միասնական Ըլլալ»

September 15, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0914_կիրո1Մօտ օրէն կը հրապարակուի Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման ուսումնասիրութեան խումբի ուսումնասիրութիւնը, որ քննարկումի առանցքային նիւթ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անհրաժեշտ է, որ մենք համախոհութիւն ունենանք, թէ ի՛նչ կը պահանջենք եւ ինչպէ՛ս պիտի պահանջենք:

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման պետական յանձնաժողովի` 2015-ի յունուարին տեղի ունենալիք նիստին ընթացքին  պիտի ընդունուի միասնական հռչակագիր, որուն մէջ նաեւ պահանջները պիտի  ներկայացնենք:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պահանջատիրութիւնը պէտք է ներկայացնեն անհատնե՞րը, թէ՞ Հայաստանը` իբրեւ պետութիւն, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Այդ հարցը այդքան պարզ չէ, բաւական ծաւալուն թղթածրար պատրաստուած է, որուն մէջ ամէն ինչին անդրադարձ կայ` անհատական եւ հաւաքական վնասի հատուցումէն մինչեւ  պետութեան ունեցուածքի եւ դերակատարութեան խնդիրը»:

Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ Դաշնակցութեան համար յստա՞կ է ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պահանջելու հարցը, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Մեր մօտեցումները պարզ են, թէ ի՛նչ  կ՛ուզենք, ինչպէ՛ս եւ ո՛վ, անոր վերաբերեալ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ համազգային համախոհութիւն գոյանայ եւ ոչ թէ մէկ կառոյց կամ կազմակերպութիւն իր կարծիքը արտայայտէ: Թէ ի՞նչ պէտք է պահանջուի, Դաշնակցութեան համար աւելի քան 90 տարիէ ի վեր յստակ է: Մեզի համար հիմնականը տարածքներն են, սակայն ոչ միայն այդ: Կը կարծեմ` Դաշնակցութեան համար կարեւորը այն ազգային համախոհութիւնն է, որ  պէտք է ձեւաւորուի, քան թէ իւրաքանչիւրը առանձնաբար մօտեցումներ ցուցաբերէ»:

Կիրօ Մանոյեան կը կարծէ, որ ինչպէս ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով բոլոր տարակարծութիւնները մէկ կողմ դրուեցան եւ միաձայնութեան հասանք, նոյնն ալ պահանջատիրութեան հարցով պիտի ըլլայ: «Ցեղասպանութեան ճանաչման փորձը, Ղարաբաղի ազատամարտը բաւականին հիմք է ըսելու, որ մենք այդ հարցով կրնանք  միասնական ըլլալ», ըսաւ Մանոյեան:

 

Նախորդը

Պասքերու Խորհրդարանը Ճանչցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Յաջորդը

Ծերակոյտին Մէջ Պիտի Քննուի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Դեսպաններու Թեկնածուներու Հարցը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.