
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քաթար, որ առեւանգուած լիբանանցի զինուորներուն ազատ արձակումին առումով միջնորդ երկիրն է:
Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Սըժաան Քազզի, Ղազի Զաայթեր, Ռեմոն Արայժի, Նուհատ Մաշնուք եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
Վարչապետ Սալամ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Տոհա իր կատարած այցելութիւնը կը միտի նաեւ ամրապնդել Քաթարի հետ եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնել Քաթարին` առեւանգուած լիբանանցի բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն միջնորդելուն համար:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ամրապնդելու իրենց միասնականութիւնը, որ ահաբեկչութեան եւ սադրանքներուն դէմ պաշտպանուելու հզօրագոյն միջոցն է:
Ան նշեց, որ Քաթարի միջնորդութեամբ զինուորները ազատ արձակելու բանակցութիւնները տակաւին իրենց սկզբնաւորութեան են եւ կարելի չէ այդ մասին տեղեկութիւններ փոխանցել:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին` շէյխ Ապտալլա պըն Նասերի հետ:
Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Թուրքիա իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է միջնորդելու լիբանանցի բանակայիններու ազատ արձակումին, «սակայն թուրքերուն մօտ կան որոշ հարցեր, որոնք տակաւին կը մնան անորոշ», շեշտեց ան:
Ան նշեց նաեւ, որ ինք 48 ժամ առաջ Քաթար չէր այցելած, այլ` Թուրքիա, խնդրելու համար Թուրքիոյ միջնորդութիւնը:
Երեկոյեան վարչապետ Սալամ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը վերադարձան Պէյրութ: Ան ըսաւ, որ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւնները առանձին առանձին կը կատարուին` աւելցնելով, որ առեւանգող կողմերուն պահանջներէն մաս մը կայ, որ կարելի է գործադրել, սակայն կան նաեւ այլ պահանջներ, որոնց անկարելի է ընդառաջել:


