
Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ միջազգային յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք տը Միսթուրա յայտնեց, որ վարչապետ Սալամէն իմացած է Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքները:
Տը Միսթուրա շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ միջինարեւելեան իր շրջապտոյտը, որուն արդիւնքներուն հիման վրայ տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի:
Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը մօտիկ ապագային լուծուի` աւելցնելով, որ ինք Քի Մունի ցուցմունքներուն հիման վրայ կը գործէ եւ կը փորձէ Սուրիոյ հարցին լուծման բոլոր կարելիութիւնները սերտել:


