ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ Մքարի ընտանիքէն մէկը իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան աւելցուց սակայն, որ իր այս կեցուածքը չի նշանակեր, որ ինք յանձնառու չէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութեան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Պէյրութ վերադարձէն անմիջապէս ետք պիտի նախագահէ իսլամական-քրիստոնէական հոգեւոր վեհաժողովի մը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունենայ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը շատ աւելի մեծ է, քան բոլոր սադրանքները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ եթէ լիբանանցիները կը փափաքին պաշտպանել Լիբանանը, ապա անոնք պէտք է դիմադրեն հաւատադրժողական բոլոր շարժումներուն:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին պատրուակով սուրիական բանակը հարուածելու որեւէ փորձ կրնայ ամբողջ շրջանը պայթեցնել:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ լիբանանեան զբօսաշրջութեան մարզը ամրան ընթացքին 30 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած է:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու ոչ մէկ ենթահող կամ նշոյլ գոյութիւն ունի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին զինման նպատակով Սէուտական Արաբիոյ կատարած թագաւորական նուիրատուութեան ծրագիրը կարելի է իրականացնել Ռիատի եւ Փարիզի միջեւ առեւտրական համաձայնագիրը ստորագրելով: Ըստ նոյն թերթին, Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Սալման պըն Ապտել Ազիզ եւ ելեւմուտքի նախարար Իպրահիմ Ասսաֆ ուղղուած են Ֆրանսա եւ այս իմաստով խորհրդակցութիւններ կատարած ֆրանսացի պետական պաշտօնատարներու հետ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Իպոլա Ժահրին պատճառով մահուան պարագայ չէ արձանագրուած եւ աւելցուց, որ Լիբանան հասած է մահացած քաղաքացիի մը դիակը` շեշտելով, որ ան մահացած է Քոնկոյի մէջ` ազմայի պատճառով:


