
«Նովոսթի-Կրուզիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստան մտադիր է Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան վերադարձնել բացառապէս խաղաղ ճամբով:
«Մենք մտադիր չենք վերադարձնել Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ տարածքները ուժով, մենք մտադիր ենք խաղաղ հոլովոյթով միաւորել Վրաստանը», ըսած է նախագահը:
Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը ճանչցած է Ռուսիան:
Միւս կողմէ, ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ազրպէյճան:
Վրաստանի վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ղարիպաշվիլի Պաքուի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
Այցելութեան ծիրին մէջ Ղարիպաշվիլի պիտի ծանօթանայ Պաքուի տեսարժան վայրերուն:
Վրացական պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ, փոխվարչապետ Քախա Քալածէ, ելեւմուտքի նախարար Նոտար Խատուրի, գիւղատնտեսութեան նախարար Օթար Տանելիա, վարչապետի օգնական Սաւալան Միրզոյեւ, խորհրդարանի անդամներ Զուրապ Թքեմալածէ եւ Մահիր Տերզիեւ:


