«ՀՅԴ-ն համոզուած է, որ կառավարման գործող համակարգը, ե՛ւ իր բովանդակային, ե՛ւ գործնական առումով, խնդիրները կը լուծէ ի շահ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան», ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` լրագրողներուն հետ երէկ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Ան նշեց, որ գործող համակարգը ոչ ոքի կը բաւարարէ. երբ հանրապետութեան նախագահն ու մեծամասնութիւնը նոյն խումբէն են, ուրեմն նախագահական համակա՞րգ է, թէ՞ գերնախագահական համակարգ: Որոշումները կը տրուին կրկին Մելիք-Ադամեան փողոցին (հոն կը գտնուի Հանրապետական կուսակցութեան գրասենեակը. «Ա.») մէջ: Ըստ Վարդանեանի, սահմանադրական բարեփոխումները պէտք է դնեն իսկապէս համակարգային խնդիրներ, որոնք կ՛առնչուին պետութեան բովանդակութեան, որովհետեւ պետութիւնը եւ անկախ պետականութիւնը, ի վերջոյ, միայն ձեւ չեն եւ միայն արտաքին յատկանիշները չեն, այլ պէտք է ունենան շատ խոր, ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային փորձառութենէն բխող բովանդակութիւն: «Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ մեր պատկերացուցած փոփոխութիւններուն պարագային պիտի նուազի իշխանութեան վերարտադրուելու կարելիութիւնը` ապակեդրոնացնելով իշխանութիւնը եւ որոշումներու կայացումը դարձնելով աւելի թափանցիկ», ըսաւ Վարդանեան` աւելցնելով, որ եթէ մեքանիզմները ճիշդ ձեւով ներդրուին, համակարգը կը նուազեցնէ անձերու դերակատարութիւնը` յանգեցնելով դրական փոփոխութիւններու: Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ ՀՅԴ-ի տարակարծութիւնները քառեակի միւս երեք ուժերուն հետ արդեօք կը սառեցնեն քառեակի՞ն անդամակցութիւնը, եւ արդեօք ատիկա չի՞ նշանակեր ՀՅԴ-ի համագործակցութիւնը իշխանութիւններուն հետ, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց, որ կայ ձեւակերպումները ճշդելու եւ յստակացնելու խնդիր, որովհետեւ, սահմանադրական բարեփոխումներուն կապուած, Դաշնակցութիւնը իշխանութիւններուն հետ համագործակցելու խնդիր չունի, Դաշնակցութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններուն կապուած ունի իր պատկերացումները, որոնք նոր չեն: Աղուան Վարդանեանի խօսքով, քիչ ժամանակ մնացած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգի վերջնական մշակման: «Մենք համակարգի փոփոխութեան կողմ եղող ուժերուն կ՛ըսենք. եկէք, փոփոխութեան առաջարկը միասին մշակենք, համաձայնեցնենք մեր ծրարը եւ ներկայացնենք: Եթէ մենք միասին կազմենք այդ ծրարը, կը խորհիմ, որ աւելի ուժեղ կ՛ըլլան մեր դիրքերը: Անիմաստ է սահմանադրական փոփոխութիւններու չերթալ, եթէ մենք անոր կողմ ենք: Նաեւ կը խորհիմ, որ քառեակի որոշ ուժեր, Հայ ազգային քոնկրեսը հանենք, որովհետեւ անոնք սկզբունքով դէմ են խորհրդարանական համակարգին, եւ այս առումով մեր տարակարծութիւնները ակնյայտ են, միւսներուն կապուած, օրինակ` հինգշաբթի Գագիկ Ծառուկեան իր հարցազրոյցին մէջ ըսաւ բոլորովին նոր բան, քան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութիւնը, որ տակաւին չէ տեսած հայեցակարգը, ուրեմն ի՞նչ խօսի: Ես նման բան չէի լսած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն: Մեր ըսածը անոր շարունակութիւնն է, ի՞նչ բան կը խանգարէ պատկերացնելու քու առաջարկներուդ ծրարը եւ դնելու ե՛ւ հանրութեան, ե՛ւ իշխանութեան սեղանին: Ատիկա աւելի գործնապաշտ մօտեցում է, ըսաւ Վարդանեան` աւելցնելով, որ քառեակի կարգ մը ուժերու տեսակէտները կը մօտենան ՀՅԴ-ի տեսակէտներուն, իսկ Ժառանգութիւնը տակաւին պիտի քննարկէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը:


