
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Աժելինա Էխհորեսթի:
Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ յայտնեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումը պարբերաբար կը կատարուի, սակայն այսօրուան հանդիպումը կը զուգադիպի Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն եւ մտահոգիչ հանգրուանին, որուն ընթացքին կարեւոր էր լսել վարչապետ Թամմամ Սալամի տեսակէտը:
Էխհորեսթ նշեց, որ իրենք կը ցաւակցին Արսալի նահատակներուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեն վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ կը բաժնեն լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները` ահաբեկչական հաւանական յարձակումներուն առնչութեամբ:
Այս շրջագիծին մէջ, Էխհորեսթ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ կառավարութեան` անոնց կոչ ուղղելով լուծելու այս տագնապը:
Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի վարչապետ Սալամի եւ անոր կառավարութեան` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն 200 հազար սուրիացի գաղթականի գոյութիւնը հսկայ թիւ է, եւ Եւրոպական Միութիւնը կը հաստատէ, որ Լիբանան ամէն տեսակ զօրակցութեան կարիք ունի` գաղթականներուն օժանդակելու, ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ տնտեսական իրավիճակը պահպանելու առումով:
Ան հաստատեց, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր Լիբանանին նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու իմաստով:
Էխհորեսթ շեշտեց սակայն, որ հակառակ այս բոլորին, Լիբանանի համար առաջնահերթութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելն է:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Արաբական աշխարհի ատամնաբուժներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:


