«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներ 13-20 սեպտեմբերին լայնածաւալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ռազմափորձերուն պիտի միանան նաեւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու որոշ զօրամիաւորներ:


