Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուէնոս Այրեսի Մէջ Մերժուեցաւ Ազրպէյճանի Անունով Հրապարակի Կառուցման Նախագիծը

September 12, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor0911142316Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդը մերժեց այն նախագիծը, որ կ՛առաջարկէր քաղաքի Քոլրէի շրջանին մէջ «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ կառուցել:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, օրէնքի նախագիծը քննարկման առաջին իսկ վայրկեանէն արժանացաւ արժանթինահայ համայնքի քննադատութեան ու անոր ջանքերուն եւ աշխուժութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ բացայայտել Ազրպէյճանի յօրինած սուտն ու կեղծիքը:

Խնդիրը այն է, որ նախագիծը նուիրուած էր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, ի պատիւ այն բանին, որ իբրեւ թէ Հայաստան, Ազրպէյճանը ներքաշելով ղարաբաղեան պատերազմին, մթագնած է այդ երկրի անկախութեան առաջին տարիները: Սակայն վերջին տարիներուն, Ազրպէյճան, իբրեւ շրջանին մէջ խաղաղարար գործունէութիւն ծաւալող պետութիւն, ամէն ջանք կը գործադրէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ իր ժողովուրդին համար տնտեսական եւ քաղաքական կայունութիւն ապահովելու:

Պուէնոս Այրեսի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Քարոլինա Գարակէօզեան առաջինն է, որ ներկայացուց հարցը Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն` ներկայացնելով իրական փաստեր Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած «ժողովրդավարութեան եւ խաղաղասիրութեան մասին»:

Մտավախութիւն կայ, որ նման անմեղ նախագիծով Ազրպէյճան կը ձգտի փրկել իր դէմքը, բարձրացնել վարկը եւ քողարկել մարդկային իրաւունքներու մնայուն խախտումները, որոնք կը կատարուին այդ երկրին մէջ: Արժանթինի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը յատուկ բացուեցաւ, որպէսզի անոնք կարենային դէմ դնել տեղւոյն արժանթինահայերուն, որոնք աշխուժ պայքար կը մղեն մարդկութեան դէմ կատարուող յանցագործութիւններու դէմ», ըսաւ Գարակէօզեան` աւելցնելով, որ թէեւ Ազրպէյճան կը ներկայացնէ, թէ շրջանին մէջ խաղաղարար առաքելութիւն կը ծաւալէ, սակայն իրականութեան մէջ կը խոչընդոտէ աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, որոնք կ՛ուզեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծել խաղաղ հիմքերով:

«Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի նախագահը 3 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ կը շարունակէ 2015-ին ընդառաջ զարգացնել այն սուտը, որ 100 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութիւն չէ եղած: Նման յայտարարութիւններն ու նման դիրքորոշումը պէտք է անընդունելի ըլլայ Պուէնոս Այրեսի համար: Պուէնոս Այրես չի կրնար ընդունիլ նման նախաձեռնութիւն եւ տուրք տալ ազրպէյճանական քարոզչութեան, յատկապէս այն ժամանակ, երբ քաղաքը կը նախապատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին», ըսաւ Գարակէօզեան:

Ան յիշեցուց, որ ազրպէյճանցի դիւանագէտները երկու տարի առաջ կը ձգտէին իրականացնել այսպիսի նախագիծ մը, որ սակայն տապալեցաւ: Իսկ 2010-ին կը ձգտէին Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղադրել Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի արձանը, որ նոյնպէս արժանացաւ կառավարութեան մերժումին:

Հայ համայնքի բարձրացուցած աղմուկէն ետք Ազրպէյճանի հրապարակի անուանակոչութեան նախագիծի հեղինակ Ալեքսանտրա Քապալերօ ներողութիւն խնդրեց եւ յայտարարեց, որ ապագային այդ նախագիծը այլեւս երբեք պիտի չներկայացնէ քննարկումի:

«Արժանթինահայերը ինծի համար հարազատ մարդիկ են: Ես անոնց հետ կը կիսեմ իրենց ցաւն ու այն յիշողութիւնը, որ անոնք ունեցան 99 տարիներ առաջ ցեղասպանութեան պատճառով: Ես այդ նախագիծը սխալմամբ ստորագրած եմ, ես կը ցանկայի, որ Պուէնոս Այրեսի մէջ այլ երկիրներ ալ ունենան իրենց փոքրիկ հարթակը եւ այլ նախագիծերու կողքին` ստորագրած եմ նաեւ Ազրպէյճանի նախագիծը: Ես ներողութիւն կը խնդրեմ այն անձերէն, որոնք իմ սխալիս եւ անտեղեակութեանս պատճառով վիրաւորուեցան եւ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ ընկերներուս, որոնք ինծի տեղեկացուցին ու ներկայացուցին իրականութիւնը եւ թոյլ չտուին աւելի մեծ սխալ գործել», ըսաւ Քապալերօ:

Նախորդը

Ստորագրահաւաք` «Հայերու Եւ Թուրքերու Միջեւ Խաղաղութեան Ժամանակաշրջան» Սկսելու Համար

Յաջորդը

Ուորլիք. «Յառաջիկայ Ամիսներուն Շատ Աշխատանք Ունինք Կատարելիք»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.