Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Մէջ Բանակը Կը Վնասազերծէ Ականուած Ինքնաշարժ Մը

September 12, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ականուած ինքնաշարժը
Ականուած ինքնաշարժը

Լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի մէջ վնասազերծեց ականուած ինքնաշարժ մը, որ կը կրէր 100 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Արսալի Այն Շաապ շրջանին մէջ նշմարուած է սուրիական թիւ կրող «Քիա» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն քննութենէն ետք ի յայտ եկած է, թէ ականուած է:

Բանակի սակրաւորները վնասազերծած են զայն ականներէ, որոնք բաղկացած էին 100 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթերէ` զետեղուած մետաղեայ տուփերու մէջ եւ իրարու կապուած ելեկտրական պայթուցիչներով:

Աւելի ուշ բանակը խնդրոյ առարկայ ինքնաշարժը փոխադրեց զինուորական իր կեդրոններէն մէկը:

Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ զինեալ բախումները շարունակուեցան երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին:

Միւս կողմէ, առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակման առնչութեամբ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուեցաւ, իսկ անոնց ընտանիքները Նահատակաց հրապարակին վրայ իրենց յայտարարած բաց նստացոյցը շարունակեցին:

Այս առումով գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի վերահաստատեց, որ ինք պատրաստ է ինքզինքը առեւանգողներուն յանձնելու` առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին փոխարէն:

«Ես պատրաստ եմ ազատազրկուելու եւ մեռնելու, եթէ 28 երիտասարդներ պիտի վերադառնան իրենց ընտանիքներուն», ըսաւ Շապթինի:

Իր կարգին, Հըզպալլայի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք կոչ ուղղեց կառավարութեան յաւելեալ ճիգեր ի գործ դնելու` ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները:

Այս առումով Ապահովութեան խորհուրդի ներկայ նստաշրջանի նախագահ` ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սըմանթա Փաուըր ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքին պատասխանատուութիւնն է զօրակցիլ Լիբանանին` ՏԱՀԵՇ-ի դիմադրելու հարցով:

Նշենք, որ կարգ մը իսլամական բանտարկեալներ մերժեցին իրենց փոխանակումը առեւանգուած զինուորականներուն հետ` շեշտելով, որ իրենք ՏԱՀԵՇ-ական չեն, ընդհակառակն` ՏԱՀԵՇ-ի մտայնութիւնն ու արարքները կը մերժեն եւ հետեւաբար չեն ուզեր ՏԱՀԵՇ-ի կամքին ենթարկուիլ, նոյնիսկ եթէ իրենց անունները նշուած են քաթարցի միջնորդին յանձնուած անուանացանկին մէջ:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Իրաքի Եւ Սուրիոյ Դէմ Այսօրուան Սպառնալիքները Աւելի Ուշ Կրնան Հասցէագրել Ուաշինկթընը, Լոնտոնն Ու Փարիզը»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Կազմեց Ընտրութիւններու Կազմակերպման Յատուկ Խորհուրդը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.