Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի որոշումով երէկ փակուեցաւ Այն Ռըմմանէի «Սնաուպրա» դարմանատունը եւ չեղեալ նկատուեցաւ անոր աշխատանքի արտօնագիրը, երբ դեղօրայքի քննութեան յատուկ քննիչները, ինչպէս նաեւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ի յայտ բերին, թէ դարմանատունը կը գործածէ փճացած դեղօրայք, ինչպէս նաեւ կը վաճառէ այնպիսի դեղեր, որոնք ձրիօրէն կը տրամադրուին առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ:
Ապու Ֆաուր դարմանատան թղթածրարը ուղղակի փոխանցեց ընդհանուր դատախազութեան, որպէսզի հետաքննութիւն բանայ եւ յանցագործները հրաւիրէ ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը:
Ապու Ֆաուր զգուշացում մը յղեց նաեւ Ժունիէի «Սայիտաթ Լուպնան» հիւանդանոցին, որ մերժած էր հիւանդ մը ընդունիլ: Ան շեշտեց, որ այս մէկը հիւանդանոցին յղուած վերջին զգուշացումն է` աւելցնելով, որ նման որեւէ դէպքի պարագային հիւանդանոցին եւ նախարարութեան միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրը պիտի խզուի:


