
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ ահաբեկչական յարձակումները վտանգ կը սպառնան Լիբանանին, «սակայն լիբանանեան քաղաքական ուժերուն համախոհութեան եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան շնորհիւ կարելի է ահաբեկչական որեւէ փորձի դիմադրել», ըսաւ ան:
Զասիփքին նշեց նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դէմ դնելու համար գրգռութիւններու հրահրումին:
Ան նշեց, որ Ռուսիա տասնամեակէ մը ի վեր ահաբեկչութեան վտանգին տակ է եւ իբրեւ այդպիսին կը գործակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարող բոլոր պետութիւններուն հետ, ներառեալ` միջինարեւելեան երկիրները:
Միւֆթի Տըրիանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ:


