Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, ցուցաբերելով բարի կամեցողութիւն եւ յանձնառութիւն ժընեւեան հռչակագիրներու դրոյթներուն, պատրաստ են ազրպէյճանական կողմին փոխանցելու 5 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանը Մարտակերտի շրջանին մէջ առանձին անցած եւ Արցախի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ ձերբակալուած Ճաւիտ Սամիրօղլու Մուզաֆարզատէն` 1999 թուականին ծնած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Միր-Պաշիր քաղաքի անչափահաս բնակիչը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու պետական յանձնախումբը կատարուածին մասին ժամանակին տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան եւ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակներուն:


