«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մամլոյ քարտուղար Ճոն Էռնեսթ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ մինակ պիտի չպայքարին, Պարաք Օպամա այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի:
«Մեր նախագահը լի է վճռականութեամբ` հոգ տանելու այն մասին, որ Միացեալ Նահանգները ստիպուած չըլլան առանձինն այդ հարցով զբաղիլ», յայտարարած է ան: Ըստ Էռնեսթի, հիմա ամերիկացի ժողովուրդին եւ քոնկրեսի ղեկավարներուն ճիշդ այդ կարեւոր է հասկնալ:
Բացատրելով` մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի փափաքէին յենիլ «Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան վրայ, որ ունակ է միաւորել երկիրը»: Բացի ատկէ, ըստ անոր, Ուաշինկթըն կը փորձէ զօրաշարժի ենթարկել «Շրջանի երկիրները, յատկապէս անոնք, որոնք կը գլխաւորեն սիւննիները»:
Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «անցեալ շաբաթ շատ ժամանակ տրամադրած է»` քննարկելով այդ նիւթը ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն, ներառեալ` Թուրքիոյ ղեկավարին հետ:
Էռնեսթ աւելցուցած է նաեւ, որ Օպամա մտադիր է նախաձեռնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ` ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կռուող օտարերկրեայ զինեալներու վտանգը քննարկելու համար:
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր իր կարգին յայտարարեց, որ նախատեսուած է, որ Օպամա 24 սեպտեմբերին նախագահէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի մը` հրապարակելու համար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող օտար զինեալներու ներկայացուցած վտանգին շուրջ որոշում մը:
Ան ընդգծեց. «Այս որոշումին նպատակը մասնաւորաբար քաջալերելն է միջազգային համագործակցութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներու օտար զինեալներուն այդ երկու երկիրներ ճամբորդութիւնը արգիլելու եւ այդ հարցին մէջ ՄԱԿ-ը մեծապէս մասնակից դարձնելու առումով»:
Փաուըր նշեց, որ նշեալ նիստը պիտի գումարուի պետութիւններու եւ կառավարութեանց ղեկավարներու մակարդակով` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է նկատի ունենայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութեան բոլոր հետեւանքները: Ան ըսաւ, որ Օպամային իր ներկայացնելիք յանձնարարութիւնները «միայն գործողութեան մը շղթայազերծման կէտին պիտի չվերաբերին, այլ նաեւ այդ գործողութեան աւարտին»: Ան նշեց, որ ինք զինուորական գործողութիւն չկատարել չի յանձնարարեր, եւ քոնկրեսին մէջ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու շուրջ լայն համախոհութիւն գոյութիւն ունի:
Միւս կողմէ, արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր դաշնակից երկիրներուն տրամադրած է լրտեսական արբանեակներու ճամբով իր լուսանկարած լուսանկարներն ու այլ տեղեկութիւններ` հիւսիսային Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին օժանդակելու համար:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Ուաշինկթըն այդ տեղեկութիւնը իր կարգին փոխանցած է արաբական երկիրներուն եւ Թուրքիոյ` տեղեկութեան աղբիւրը թաքցնելէ ետք:


