Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողները 5 սեպտեմբերին, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծը հատելու փորձ կատարելու ընթացքին գերեվարած են Ազրպէյճանի քաղաքացի Մամետով Ճաւիտ Սամիրօղլուն:
«Դէպքին մասին տեղեկացուած է Կարմիր խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակը, իսկ Ազրպէյճանի քաղաքացի Մամետով Ճաւիտ Սամիրօղլուն յանձնուած է Լեռնային Ղարաբաղի համապատասխան զինուորական ծառայութիւններուն», ըսուած է պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած են 5 սեպտեմբերին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ գերեվարուած 15-ամեայ ազրպէյճանցիին հետ:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ազրպէյճանական գրասենեակէն տեղեկացած են նաեւ, որ կազմակերպութեան միջոցով Ճաւիտ Մամետովը նամակ փոխանցած է իր հարազատներուն:


