
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական յատուկ նիստի մը, որ կը վերաբերէր առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին:
Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները, որոնք հրաւիրուած էին այդ նիստին ներկայ գտնուելու:
Նիստէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ բարձր գնահատած է կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին տիրած համախոհութիւնը:
Ան աւելցուց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը կառավարութեան համար հիմնահարց է, եւ անոր հետ կը վարուին իբրեւ ազգային հարց, որ առաջնահերթ է:
Մուքպել ընդգծեց, որ նիստին ընթացքին ներկաները շեշտեցին, որ իրենք կը բաժնեն առեւանգուած զինուորներուն հարազատներուն ցաւը եւ աւելցուցին, որ այդ թղթածրարին հետ պէտք է վարուիլ համբերութեամբ եւ իմաստուն կերպով:
Մուքպել հաստատեց, որ յանձնախումբը կը մերժէ առեւանգուած զինուորները բանտարկեալներու ու ահաբեկիչներու հետ փոխանակելու սկզբունքը եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ բանակցութիւնները պետական մակարդակի վրայ ըլլան:
Այս շրջագիծին մէջ, փոխվարչապետը աւելցուց, որ այս առումով Քաթար կ՛օժանդակէ Լիբանանին:
Միւս կողմէ, նախքան նիստը սկսիլը արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ըստ երեւոյթին առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու թղթածրարը դրական ուղեգիծով կ՛ընթանայ:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ առեւանգուած զինուորներու ազատ արձակումին նպատակով կազմուած նախարարական այս յանձնախումբը կը գործէ փոխանակումը մերժելու եւ բանակցութիւնները պետութիւններու միջեւ կատարելու սկզբունքներուն հիման վրայ:
ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Նուսրայի Հետ
Կառավարական յանձնախումբի գումարած նիստէն ետք, քաթարցի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ քաթարեան պատուիրակութեան հանդիպումին ընթացքին անոնք հաստատած են, որ իրենց միակ պահանջը փոխանակում կատարելն է:
Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրա երէկ սփռեց նոր տեսանիւթ մը, որուն մէջ երեւցան առեւանգուած ինը զինուորականներ, որոնք մերժեցին Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամուխ դառնալուն գինը վճարել:
ԵՐԷԿ ուշ գիշերին Արսալ հասաւ ՏԱՀԵՇ-ի սպաննած լիբանանցի քաղաքացի Քայէտ Ղատատայի դիակը. ան գլուխէն փամփուշտ ստացած էր:


