
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որմէ ստանձնեց պաշտօնական գիր մը, որ կը վերաբերէր Միացեալ Նահանգներուն կողմէ լիբանանեան բանակի զինումին:
Մեկնումի պահուն Հէյլ մերժեց մեկնաբանութիւններ կատարել:
Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի:
Հանդիպումին ընթացքին Ասիրի հաստատեց, որ Պասիլի յանձնած է հրաւէր մը` մասնակցելու ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու մասին կազմակերպուած խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին` Ռիատի մէջ:


