Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Նախագահը ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Խնդրանքով Դիմած Է Միջազգային Ընտանիքին

September 6, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆուատ Մահսում
Ֆուատ Մահսում

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մահսում «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքին անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքի օգնութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար:

Ըստ անոր, Իրաք այժմ յայտնուած է դժուար իրավիճակի մէջ եւ միջազգային ընտանիքի օգնութեան կարիքը ունի: «Եթէ ՏԱՀԵՇ Իրաքի մէջ յաղթէ, այս իսլամական կազմակերպութիւնը կրնայ այլ երկիրներու մէջ տարածուիլ», նշած է Իրաքի նախագահը` աւելցնելով, որ իր երկիրը յաջողութեան կրնայ հասնիլ Միացեալ Նահանգներու եւ դրացի երկիրներու հետ համագործակցութեան պարագային:

Մահսում նշած է, որ իրենք տակաւին չեն դիմած ՕԹԱՆ-ի օգնութեան, սակայն օգնութեան  խնդրանքով դիմած են դաշինքի առանձին անդամներուն: «Մեզի անհրաժեշտ է ժամանակակից զէնք եւ մասնագէտներու օգնութիւն, իսկ զինուորական գործողութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կրնանք ինքնուրոյն կազմակերպել», նշած է ան:

Նախագահը նաեւ նշած է, որ մօտակայ օրերուն պիտի կազմաւորուի Իրաքի նոր կառավարութիւնը եւ այդ հարցով կը զբաղի վարչապետ Հայտար Ապատին:

Նախապէս ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարած էր, որ ՕԹԱՆ լրջօրէն պիտի քննարկէ Իրաքի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջամտութեան որեւէ խնդրանք:

Մինչ այդ, փեշմերկաները երէկ յայտարարեցին, որ ամերիկեան օդուժին օժանդակութեամբ ձեռնարկած են Մուսուլի դէմ զինուորական  լայնածաւալ գործողութեան մը:

Միւս կողմէ, Պոսնիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 15 ծայրայեղականներ, որոնք կը կարծուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռիւներուն մասնակցած ըլլալ եւ որոնք պալքանեան երկիրներէն ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կռուելու համար զինուորագրումներ ու ֆինանսաւորում կատարած են:

 

Նախորդը

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի. Խամենէի Իր Համաձայնութիւնը Տուած Է Փենթակոնի Հետ Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

Ուքրանական Կառավարութիւնն Ու Ռուսամէտ Զինեալները Զինադադարի Հաստատման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.