
Թեհրանի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իր համաձայնութիւնը տուած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ իրանցի պաշտօնատարներու կապերուն:
Հիւսիսային Իրաքէն ստացուող հաղորդագրութիւններու համաձայն, քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ արդէն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի պաշտօնատարները հանդիպումներ կ՛ունենան` ՏԱՀԵՇ-ի արձանագրած յառաջխաղացքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հարցով:
Երկու երկիրները, որոնց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզուած են 1979-ին, այժմ համակարծիք են, որ ՏԱՀԵՇ ամբողջ Միջին Արեւելքի անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիքն է:
Վերջերս Թեհրան զէնք-զինամթերք մատակարարած է փեշմերկաներուն, որոնք կը կռուին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ: Փեշմերկաներուն զէնք կը մատակարարէ նաեւ Ուաշինկթըն, իսկ ամերիկեան օդուժը կը հարուածէ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:


